2014-03-31 14:30:02

Դամասկոսի մօտ Պապական նուիրակ` Գերապայծառ Զէնարիի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ


Երկուշաբթի, 31 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Դամասկոսի մօտ Պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Մարիօ Զէնարին։
Հանդիպումէն ետք, Գերապայծառ Զէնարի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը մօտէն կը հետեւի Սուիրոյ տագնապին եւ իր սրտին մէջ կը կրէ սուրիոյ Ժողովուրդը։ Նորին Սրբութիւնը Գերապայծառ Զէնարիէն խնդրած է որ Սուրիա վերադարձին, Սուրիոյ բոլոր ժողովուրդին փոխանցէ իր մօտիկութիւնը։
Գերապայծառ Զէնարի, հարցազրոյզի աւարտին յայտնեց, թէ հարկ է դիմել Աստուծոյ որպէսզի Ան՝ խնայէ սուրիացի ժողովուրդը՝ ուրիշ տառապանքներէն ու ապա, վերանորոգեց կոչը՝ աւելի մարդկայնական մօտեցում մը ունենալու՝ սուրիոյ տառապող բնակչութեան հանդէպ







All the contents on this site are copyrighted ©.